2014-10-18 15:11:15

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետը ընդունեց Վիէթնամի վարչապետ` Տիար Նկույէն Թան Տունկը։


(Ռ.Վ. 18 հոկտեմբեր 2014) Շաբաթ 18 հոկտեմբերի առաւօտեան Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը մասնակցեցաւ` ''ընտանիքի'' նիւթին նուիրուած, Վատիկանի մէջ կայացած եպիսկոպոսական արտակարգ Գ սիւնհոդոսի եզրափակիչ նիստերուն, որոնց ընթացքին քննարկուեցան եւ քուէարկութեան դրուեցան սիւնհոդոսի եզրափակիչ պատգամն ու տեղեկագիրը։
Առաւօտեան նիստի աւարտին, ժամը 12,30-ին Նորին Սրբութիւնը Սիւնհոդոսական դահլիճի,քովնտի մէկ սրահին մէջ, ընդունեց Վիէթնամի վարչապետ` Տիար Նկույէն Թան Տունկը ու անոր ընկերացող շքախումբը։ Հանդիպումի կէտ նպատակներէն մին էր` խորացնել Վատիկանի Եւ Վիէթնամի միջեւ փոխյարաբերութիւնները։








All the contents on this site are copyrighted ©.